1
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։
Параўнаць
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
Ապառաժոտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30
Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը’։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30
Стужка
Біблія
Планы чытання
Відэа