1
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
Параўнаць
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։
Даследуйце ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Стужка
Біблія
Планы чытання
Відэа