1
ՂՈԻԿԱՍ 18:1
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։
Compare
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:1
2
ՂՈԻԿԱՍ 18:7-8
Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:7-8
3
ՂՈԻԿԱՍ 18:27
Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:27
4
ՂՈԻԿԱՍ 18:4-5
Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել . բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:4-5
5
ՂՈԻԿԱՍ 18:17
Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:17
6
ՂՈԻԿԱՍ 18:16
Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:16
7
ՂՈԻԿԱՍ 18:42
Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:42
8
ՂՈԻԿԱՍ 18:19
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 18:19
Home
Bible
Plans
Videos