1
ՂՈԻԿԱՍ 9:23
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
Compare
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:23
2
ՂՈԻԿԱՍ 9:24
Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:24
3
ՂՈԻԿԱՍ 9:62
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:62
4
ՂՈԻԿԱՍ 9:25
Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:25
5
ՂՈԻԿԱՍ 9:26
Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:26
6
ՂՈԻԿԱՍ 9:58
Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:58
7
ՂՈԻԿԱՍ 9:48
եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։
Explore ՂՈԻԿԱՍ 9:48
Home
Bible
Plans
Videos