1
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:30-31
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։ Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։
Compare
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:30-31
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:30
Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:30
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:27
Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:27
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:28-29
Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:28-29
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:33
Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:33
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:16-17
Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:16-17
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:18-19
Ըսաւ անոնց . «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։ Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:18-19
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 14:20
Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 14:20
Home
Bible
Plans
Videos