1
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
Compare
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։
Explore ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Home
Bible
Plans
Videos