1
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:8
Western Armenian Bible 1853
Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։
Compare
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:8
2
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:7
Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ.
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:7
3
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:4-5
Անոնց հետ մէկտեղ գտնուած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինծմէ լսեցիք, Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:4-5
4
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:3
Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:3
5
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:9
Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:9
6
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:10-11
Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:10-11
Home
Bible
Plans
Videos