1
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:9
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Սակայն, ինչպէս գրուած է.– «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»։
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:9
2
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:14
Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:14
3
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:10
Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:10
4
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:12
Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:12
5
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:4-5
եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործութեամբ, որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:4-5