1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:33
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։
Compare
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:33
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:13
Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:13
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:24
Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:24
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:7-8
Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.– Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի։ Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:7-8
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:22-23
Նոյնն է ձեր պարագային. դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբմը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ։ Այդ օրը այլեւս ինծի բան պիտի չհարցնէք։ Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:22-23
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:20
Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:20
Home
Bible
Plans
Videos