1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ. – Ամէն ինչ վերջացած է։ Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։
Compare
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ. – Ծարաւ եմ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը. – Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. – Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։ Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի», ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Home
Bible
Plans
Videos