Այս մասին Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.–
«Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ .–
Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը ,
հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները։
Բոլոր ձորերը պիտի լեցուին
եւ բոլոր լեռներն ու բլուրները
գետնին պիտի հաւասարին.
բոլոր ճամբաները ուղիղ պիտի ըլլան ,
ինչպէս նաեւ խորտուբորտ արահետները՝
հարթ հաւասար ,
եւ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի տեսնէ
Աստուծոյ ղրկած Փրկիչը»։