1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:23
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Եւ բոլորին ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։
Compare
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:23
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:24
Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:24
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:62
Յիսուս պատասխանեց. – Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:62
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:25
Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:25
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:26
Ով որ զիս եւ կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ՝ Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ, երբ գայ իր փառքով, ինչպէս նաեւ իր Հօր եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքով։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:26
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:58
Յիսուս պատասխանեց. – Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ չունի։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:58
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:48
ըսաւ. – Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:48
Home
Bible
Plans
Videos