1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։
Compare
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:24
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:18
Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:18
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:19
Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:19
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:25
Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:25
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:26
Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:26
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:15-16
Յիսուս հարցուց անոնց. – Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:15-16
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:17
Յիսուս ըսաւ անոր. – Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է։
Explore ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:17
Home
Bible
Plans
Videos