ՂՈԻԿԱՍ 13
13
ՄԵՂՔԵՐԷՆ ԴԱՌՆԱԼ ԿԱՄ ՄԵՌՆԻԼ
1Ոմանք այն ատեն ներկայ գտնուելով՝ պատմեցին անոր Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց։ 2Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին։ 3Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ 4Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։ 5Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։
ԱՆՊՏՈՒՂ ԹԶԵՆԻԻՆ ԱՌԱԿԸ
6Այս առակն ալ ըսաւ. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ 7Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ 8Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ 9եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԿԻՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
10Շաբաթ օրը ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։ 11Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնըութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։ 12Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։ 13Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։ 14Ժողովարանին իշխանը բարկացաւ, որ Յիսուս Շաբաթ օրը բժշկեց եւ ըսաւ ժողովուրդին. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ Շաբաթ օրը»։ 15Այն ատեն Տէրը պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. #13.15 Ոմանք, Կեղծաւորներ«Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը Շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ 16Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ Շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։ 17Երբ այս բանը ըսաւ, իրեն հակառակ կեցողները ամօթով մնացին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ուրախանար այն ամէն փառաւոր գործերուն համար՝ որոնք ան կը կատարէր։
ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 13.31-32, Մարկ. 4.30-32)
18Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։ 19Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։
ԽՄՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 13.33)
20Դարձեալ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնեմ։ 21Խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ ամբողջը խմորուեցաւ»։
ՆԵՂ ԴՈՒՌԸ
(Մատթ. 7.13-14,21-23)
22Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ, 23մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ 24Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։ 25Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։ 26Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. ‘Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք եւ դուն մեր փողոցներուն մէջ սորվեցուցիր’։ 27Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։ 28Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել, երբ տեսնէք Աբրահամը ու Իսահակը եւ Յակոբը ու բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ու դուք դուրս մնացած։ 29Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ։ 30Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիներ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՍԷՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՆԴԷՊ
(Մատթ. 23.37-39)
31Նոյն օրը մէկ քանի Փարիսեցիներ եկան ու ըսին անոր. «Ելիր ու գնա ասկէ, վասն զի Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ 32Ինք ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ։ 33Միայն թէ պէտք է որ այսօր ու վաղը եւ միւս օրը պտըտիմ, վասն զի կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի։ 34‘Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կ’սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ 35Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ’։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ, թէ ‘Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք’, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 13: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017

: