ՄԱՏԹԷՈՍ 21
21
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
(Մարկ. 11.1-11, Ղուկ. 19.29-40, Յովհ. 12.12-19)
1Երբ Երուսաղէմի մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց 2եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ 3Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։ 4Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ. 5«Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’»։ 6Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին 7ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու #21.7 Ոմանք, նստեցուցիննստաւ։ 8Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ 9Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
10Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։ 11Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ
(Մարկ. 11.15-19, Ղուկ. 19.45-48, Յովհ. 2.13-22)
12Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց. 13եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
14Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն եւ ինք բժշկեց զանոնք։ 15Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», բարկացան 16ու ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։
17Եւ թողուց զանոնք՝ քաղաքէն դուրս Բեթանիա գնաց ու գիշերը հոն կեցաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻՆ Կ’ԱՆԻԾԷ
(Մարկ. 11.12-14,20-24)
18Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ 19Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։ 20Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան ու ըսին. «Թզենին ի՞նչպէս շուտ մը չորցաւ»։ 21Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ 22Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մարկ. 11.27-33, Ղուկ. 20.1-8)
23Երբ տաճարը եկաւ, քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը անոր մօտեցան՝ երբ կը սորվեցնէր՝ ու ըսին. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»։ 24Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի ըսէք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ 25Յովհաննէսին մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկնքէ՞ն թէ մարդոցմէ»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ 26‘Երկինքէն’, մեզի պիտի ըսէ թէ ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’, իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնանք’, վասն զի բոլորն ալ Յովհաննէսը իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին» 27պատասխանեցին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։
ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
28 «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա այսօր այգիիս մէջ գործէ’ 29անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ 30Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ 31Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց»։ Ըսին անոր. «Առաջինը»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, 32վասն զի Յովհաննէս արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ»։
ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
(Մարկ. 12.1-12, Ղուկ. 20.9-19)
33Ուրիշ առակ մըն ալ լսեցէք. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ 34Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։ 35Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ 36Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին։ 37Վերջը իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ 38Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք’։ 39Առին զանիկա, այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ 40Երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այն մշակներուն»։ 41Ըսին իրեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն»։ 42Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։ 43Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։ 44Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։
45Երբ քահանայապետները եւ Փարիսեցիները անոր առակները լսեցին, իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր 46եւ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս բռնեն զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, վասն զի մարգարէի պէս կ’ընդունէին զանիկա։
Currently Selected:
ՄԱՏԹԷՈՍ 21: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017

: