YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 33

33
ՅԱԿՈԲ ԵՍԱՒԻՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ
1Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա Եսաւ կու գար ու անոր հետ չորս հարիւր մարդ, ուստի իր զաւակները Լիային, Ռաքէլին ու երկու աղախիններուն բաժնեց։ 2Աղախինները իրենց զաւակներովը առջեւը դրաւ եւ Լիան իր զաւակներովը ետեւը եւ Ռաքէլը ու Յովսէփը ամենէն ետեւը։ 3Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ ու մինչեւ իր եղբօրը մօտենալը, գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ։ 4Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա եւ լացին։ 5Եսաւ իր աչքերը վերցուց ու տեսաւ կիները ու զաւակները եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ի՞նչդ են»։ Անիկա ըսաւ. «Աստուծոյ քու ծառայիդ պարգեւած զաւակներն են»։ 6Այն ատեն աղախինները ու անոնց զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին 7Եւ Լիա ալ ու իր զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին եւ ետքը Յովսէփ ու Ռաքէլ մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին։ 8Ու Եսաւ ըսաւ. «Այս քու միւս խումբդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, որուն ես հանդիպեցայ». Յակոբ ըսաւ. «Իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնելու համար է»։ 9Եսաւ ըսաւ. «Ես շատ ունիմ, եղբայր իմ, քուկդ քեզի ըլլայ»։ 10Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛չ, կ’աղաչեմ քեզի, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, իմ ձեռքէս ընծաս ընդունէ. քանզի քու երեսդ Աստուծոյ երեսը տեսնելու պէս տեսայ եւ ինծի հաճեցար։ 11Շնորհք ըրէ՛, քեզի բերուած #33:11 Եբր., օրհնութիւնսընծաս ա՛ռ. քանզի Աստուած ողորմեցաւ ինծի եւ քանզի ես ամէն բան ունիմ»։ 12Ստիպեց, մինչեւ որ ան ալ ընդունեց։ Անիկա ըսաւ. «Ելլենք երթանք ու ես քու առջեւէդ կ’երթամ»։ 13Յակոբ ըսաւ անոր. «Իմ տէրս գիտէ որ զաւակները մատղաշ են ու ինծի հետ եղած հօտերն ու արջառները ձագերով են, եթէ մէկ օր բռնութեամբ վարեն զանոնք, բոլոր հօտերը պիտի մեռնին։ 14Ուստի թող իմ տէրս իր ծառային առջեւ անցնի ու ես կամաց կամաց առջեւս եղած անասուններուն ոտքովը ու տղաքներուն ոտքովը քալեմ, մինչեւ իմ տիրոջս Սէիր հասնիմ»։ 15Եսաւ ըսաւ. «Արդ ինծի հետ եղող ժողովուրդէն մաս մը քու քովդ ձգեմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է. թող իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնեմ»։ 16Այսպէս Եսաւ այն օրը իր ճամբան դարձաւ դէպի Սէիր։
17Եւ Յակոբ Սոկքովթ չուեց ու իրեն տուն մը շինեց եւ իր հօտերուն փարախներ շինեց. անոր համար այն տեղին անունը #33:17 Այսինքն, փարախներՍոկքովթ կոչուեցաւ։
18Յակոբ Միջագետքէն դարձած ատենը Սիւքեմացիներուն Սաղէմ քաղաքը հասաւ, որ Քանանի երկրին մէջ է եւ քաղաքին առջեւ բանակեցաւ։ 19Եւ իր վրանը կանգնած արտին մէկ մասը Սիւքէմին հօրը Եմովրի որդիներէն ծախու առաւ #33:19 Կամ, հարիւր գառնուկիհարիւր կտոր ստակի՝ ՝։ 20Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը #33:20 Այսինքն, Աստուած, Իսրայէլի ԱստուածըԷլէլօհէ-Իսրայէլ՝ ՝ դրաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 33: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in