YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 42

42
ՅՈՎՍԷՓԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍ Կ’ԵՐԹԱՆ
1Երբ Յակոբ իմացաւ Եգիպտոսի մէջ պաշար ըլլալը, ըսաւ իր որդիներուն. «Ինչո՞ւ իրարու կը նայիք»։ 2Եւ ըսաւ. «Ահա լսեցի թէ Եգիպտոսի մէջ պաշար կայ. հոն իջէք ու անկէ մեզի համար ծախու առէք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք»։ 3Յովսէփին տասը եղբայրները իջան՝ Եգիպտոսէն ցորեն ծախու առնելու։ 4Բայց Յակոբ Յովսէփին եղբայրը՝ Բենիամինը՝ անոր եղբայրներուն հետ չղրկեց, քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ փորձանք մը պատահի անոր»։
5Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ պաշար ծախու առնելու եկան, քանզի Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։ 6Յովսէփ երկրին իշխանն էր եւ ինք երկրին բոլոր ժողովուրդին պաշար կը ծախէր։ Յովսէփին եղբայրները եկան ու իրենց երեսները մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրին անոր։ 7Յովսէփ իր եղբայրները տեսածին պէս ճանչցաւ զանոնք, բայց ինքզինք անոնց չճանչցուց ու անոնց հետ խստութեամբ խօսեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն կերակուր ծախու առնելու եկանք»։ 8Յովսէփ իր եղբայրները ճանչցաւ, բայց անոնք զինք չճանչցան։ 9Յովսէփ անոնց վրայով իր տեսած երազները միտքը բերաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք լրտեսներ էք. երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։ 10Անոնք ըսին անոր. «Ո՛չ, տէ՛ր իմ, հապա քու ծառաներդ կերակուր ծախու առնելու եկանք։ 11Մենք ամէնքս մէկ մարդու որդիներ ենք, մենք շիտակ մարդիկ ենք. ծառաներդ լրտեսներ չեն»։ 12Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, հապա երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։ 13Անոնք ըսին. «Մենք քու ծառաներդ Քանանի երկրին մէջ մէկ մարդու որդիներն ըլլալով՝ տասներկու եղբայրներ էինք։ Ահա ամենէն պզտիկը այսօր մեր հօրը քով է, իսկ միւսը չկայ»։ 14Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Իմ ձեզի ըսածիս պէս է, դուք լրտեսներ էք։ 15Ասով պիտի փորձուիք։ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։ 16Ձեզմէ մէկը ձեր եղբայրը բերելու ղրկեցէք, իսկ մնացեալներդ բանտը պիտի դրուիք, որպէս զի ձեր խօսքերը փորձուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՞յ եւ եթէ ոչ՝ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք լրտեսներ էք»։ 17Երեք օր բանտը դրաւ զանոնք։
18Երրորդ օրը Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այսպէս ըրէք որպէս զի ողջ մնաք. վասն զի ես Աստուծմէ կը վախնամ։ 19Եթէ դուք շիտակ մարդիկ էք, ձեր եղբայրներէն մէկը ձեր բանտարկուած տանը մէջ թող մնայ եւ դուք գացէք, ձեր տանը անօթութեանը համար պաշար տարէք, 20Բայց ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի ձեր խօսքերը հաստատուին ու չմեռնիք»։ Այդպէս ըրին։ 21Ու իրարու ըսին. «Իրաւցընէ մեր եղբօրը հանդէպ յանցաւոր ենք. վասն զի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։ 22Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։ 23Անոնք չէին գիտեր թէ Յովսէփ կը հասկնար, վասն զի թարգմանով կը խօսէր իրենց հետ։ 24Յովսէփ անոնցմէ զատուեցաւ ու լացաւ։ Ապա նորէն անոնց դարձաւ ու խօսեցաւ անոնց հետ եւ անոնցմէ Շմաւոնը առաւ ու անոնց աչքին առջեւ կապեց զանիկա։
25Ետքը Յովսէփ հրաման ըրաւ, որ անոնց ամանները ցորենով լեցնեն ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին մէջ դնեն եւ անոնց ճամբու պաշար տան։ 26Այսպէս ըրաւ անոնց։ Անոնք իրենց էշերուն վրայ բեռցուցին ցորեննին ու անկէ գացին։ 27Անոնցմէ մէկը իջեւանին մէջ իր իշուն կեր տալու համար իր քուրձը բացած ատեն՝ իր ստակը տեսաւ, որ ահա իր քուրձին բերանն էր։ 28Իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ստակս ետ տրուած է, ահա հոս իմ քուրձիս մէջ է»։ Անոնց սիրտը խռովեցաւ ու վախնալով իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս, որ Աստուած մեզի ըրաւ»։
ՅՈՎՍԷՓԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՔԱՆԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
29Երբ եկան Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ բոլոր իրենց գլուխը եկածները պատմեցին անոր՝ ըսելով. 30«Այն երկրին տէրը եղող մարդը մեզի խստութեամբ խօսեցաւ ու մեզ երկիրը լրտեսողներու տեղ դրաւ։ 31Եւ ըսինք անոր. ‘Մենք շիտակ մարդիկ ենք, լրտեսներ չենք, 32Մենք, մեր հօրը որդիքը, տասներկու եղբայրներ ենք, մէկը չկայ եւ ամենէն պզտիկը Քանանի երկրին մէջ մեր հօրը քով է այսօր’։ 33Այն երկրին տէրը ըսաւ մեզի. ‘Ձեր շիտակ մարդիկ ըլլալը այս ձեւով պիտի գիտնամ. ձեր եղբայրներէն մէկը իմ քովս ձգեցէք եւ ձեր ընտանիքին անօթութեանը համար պաշար առէք ու գացէք 34Եւ ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի գիտնամ թէ դուք լրտեսներ չէք, հապա շիտակ մարդիկ էք. այսպէս ձեր եղբայրը ձեզի կու տամ ու այս երկրին մէջ առուտուր կ’ընէք’»։ 35Բայց իրենց քուրձերը պարպած ատեննին, ահա ամէն մէկուն ստակին ծրարը իր քուրձին մէջ էր եւ իրենք ու իրենց հայրն ալ ստակին ծրարները տեսածնուն պէս վախցան։ 36Եւ անոնց հայրը Յակոբ ըսաւ անոնց. «Զիս անորդի թողուցիք։ Յովսէփը չկայ, Շմաւոնը չկայ, Բենիամինն ալ պիտի առնէք։ Այս ամէնը իմ գլխուս եկաւ»։ 37Ռուբէն խօսեցաւ իր հօրը ու ըսաւ. «Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր։ Բենիամինը իմ ձեռքս յանձնէ ու ես քեզի ետ պիտի բերեմ զանիկա»։ 38Բայց Յակոբ ըսաւ. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ. վասն զի անոր եղբայրը մեռած է ու անիկա մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր երթալու ճամբուն մէջ անոր փորձանք մը պատահելու ըլլայ, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնէք»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 42: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in