YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 46

46
ՅԱԿՈԲ ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ ԵԳԻՊՏՈՍ Կ’ԵՐԹԱՅ
1Իսրայէլ իր բոլոր ունեցածով ճամբայ ելաւ ու Բերսաբէէ եկաւ եւ իր հօրը Իսահակին Աստուծոյն զոհեր մատուցանեց։ 2Աստուած գիշերը տեսիլքի մէջ երեւցաւ Իսրայէլին ու ըսաւ. «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։ 3Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես եմ Աստուած, քու հօրդ Աստուածը. Եգիպտոս իջնելու մի՛ վախնար, վասն զի հոն մեծ ազգ մը պիտի ընեմ քեզ. 4Ես քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ քեզ անշուշտ պիտի հանեմ ու Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ»։ 5Յակոբ ելաւ Բերսաբէէէն ու Իսրայէլի որդիները տարին իրենց հայրը Յակոբը ու իրենց տղաքները եւ իրենց կիները այն կառքերով, որոնք Փարաւոն ղրկեց զանիկա տանելու համար։ 6Առին իրենց ստացուածքը, որոնք Քանանի երկրին մէջ ստացեր էին։ Եգիպտոս եկան Յակոբ ու իր բոլոր սերունդը իրեն հետ. 7Իր որդիները ու իր որդիներուն որդիները իրեն հետ, իր աղջիկները ու իր որդիներուն աղջիկները եւ իր բոլոր սերունդը իրեն հետ Եգիպտոս բերաւ։
8Ասոնք են Իսրայէլին որդիներուն անունները, որոնք Եգիպտոս եկան։ Յակոբ ու իր որդիները. Յակոբին անդրանիկը՝ Ռուբէն. 9Եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք ու Փաղղուս եւ Եսրոն ու Քարմի։ 10Եւ Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ ու Յամին եւ Ոհադ ու Յաքին եւ Սահառ ու Քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ։ 11Եւ Ղեւիին որդիները՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։ 12Եւ Յուդային որդիները՝ Էր ու Օնան եւ Սելօմ ու Փարէս եւ Զարա. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Եւ Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ։ 13Եւ Իսաքարին որդիները՝ Թովղա ու Փուա եւ #46:13 Կամ, ՅասուբՅոբ ու Սամրօն։ 14Եւ Զաբուղոնի որդիները՝ Սարեդ ու Ելօն եւ Յաղէլ։ 15Ասոնք են Լիայի որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնաւ Յակոբին ու անոր Դինա աղջիկը։ Անոր բոլոր որդիները ու աղջիկները երեսունըերեք հոգի էին։ 16Եւ Գադին որդիները՝ Սափոն ու Անգի, Սունի եւ Եսբօն, Էրի ու Արօդի եւ Արելի։ 17Եւ Ասերին որդիները՝ Յեմնա ու Յեսուա եւ Յեսուի ու Բարիա եւ անոնց քոյրը՝ Սարա եւ Բարիայի որդիները՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ։ 18Ասոնք են Զեղբայի որդիները՝ որ Լաբան իր Լիա աղջկան տուաւ եւ անիկա ծնաւ ասոնք Յակոբին՝ տասնըվեց հոգի։ 19Յակոբին կնոջ Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին։ 20Եւ Յովսէփին Եգիպտոսի երկրին մէջ Մանասէն ու Եփրեմը ծնան, որոնք Արեգ քաղաքի քուրմին, Պետափրայի աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։ 21Եւ Բենիամինին որդիները՝ Բաղա ու Բոքոր եւ Ասբէլ, Գերա ու Նէեման, Էհի ու Ռովս, Մուփիմ եւ Ոփիմ ու Արեդ։ 22Ասոնք են Ռաքէլին որդիները՝ որոնք ծնան Յակոբին, ամէնքը տասնըչորս հոգի։ 23Եւ Դանին որդին՝ Հուսիմ։ 24Եւ Նեփթաղիմին որդիները՝ Յասիէլ ու Գունի եւ Յասեր ու Սիլլեմ։ 25Ասոնք են Բաղղային որդիները՝ որ Լաբան իր Ռաքէլ աղջկան տուաւ ու անիկա Յակոբին ասոնք ծնաւ։ Ամէնքը եօթը հոգի էին։ 26Եւ Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին։ 27Եւ Յովսէփին որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու հոգի էին. Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին։
ՅԱԿՈԲ ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
28Անիկա Յուդան իր առջեւէն ղրկեց Յովսէփին որ Գեսեմը ցուցնէ իրեն եւ անոնք Գեսեմի երկիրը եկան։ 29Եւ Յովսէփ իր կառքը պատրաստեց ու իր հայրը Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսեմ ելաւ եւ երբ անոր դէմը ելաւ, անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու երկար ատեն անոր պարանոցին վրայ լացաւ։ 30Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Հիմա քու երեսդ տեսնելէս ետքը թող մեռնիմ, վասն զի տակաւին ողջ ես»։ 31Յովսէփ իր եղբայրներուն ու իր հօրը տանը ըսաւ. «Ելլեմ եւ Փարաւոնին պատմեմ ու ըսեմ անոր. ‘Իմ եղբայրներս ու իմ հօրս ընտանիքը՝ որ Քանանի երկրին մէջ էին, ինծի եկան. 32Անոնք հովիւներ են, որով խաշինքի տէր են եւ իրենց հօտերը ու իրենց արջառները եւ իրենց բոլոր ունեցածը բերին’։ 33Երբ Փարաւոն ձեզ կանչէ ու ըսէ՝ ‘Ի՞նչ է արհեստնիդ’, 34Ըսէք. ‘Քու ծառաներդ մեր մանկութենէն մինչեւ հիմա՝ մենք ալ, մեր հայրերն ալ, խաշինքի տէր ենք’. որպէս զի Գեսեմի երկրին մէջ բնակիք. վասն զի ամէն հովիւ Եգիպտացիներուն առջեւ գարշելի է»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 46: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in