ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 21:15-17
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 21:15-17 WARMB
Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ Ըսաւ անոր երրորդ անգամ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ իրեն ըսաւ թէ «Զիս կը սիրե՞ս» եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր Յիսուս. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։