ՂՈԻԿԱՍ 11
11
ՅԻՍՈՒՍ ԱՂՕԹԵԼ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
(Մատթ. 6:9-13, 7:7-11)
1Տեղ մը աղօթք կ’ընէր։ Երբ դադրեցաւ, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։ 2Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. «Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես՝ ՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. #11:2 Ոմանք, չունինքու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝ ՝. 3Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր 4Եւ մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ՝ ՝»։
5Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. «Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, 6Վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու»։ 7Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. «Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ»։ 8Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’։ 9Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. 10Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’։ 11‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. 12Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։ 13Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ
(Մատթ. 12:22-30, Մարկ. 3:20-27)
14Յիսուս դեւ մը կը հանէր մէկէն՝ որ համր էր։ Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ ժողովուրդը զարմացաւ։ 15Բայց անոնցմէ մէկ քանիները ըսին. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ»։ 16Ուրիշներ ալ փորձելով՝ երկնքէն նշան մը կ’ուզէին անկէ։ 17Բայց Յիսուս գիտնալով անոնց խորհուրդները՝ ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի եւ տուն մը #11:17 Յուն., տանիրեն դէմ բաժնուած՝ կը կործանի. 18Հապա եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ, որովհետեւ կ’ըսէք թէ Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ։ 19Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդինե՞րը ինչով կը հանեն։ Ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ 20Բայց եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ 21Երբ զօրաւոր մարդ մը զէնքերը վրան առած՝ իր տանը բակը պահպանէ, անոր բաները խաղաղութեան մէջ կը մնան. 22Բայց երբ անկէ աւելի զօրաւորը գալով յաղթէ անոր, անոր զէնքերը կ’առնէ՝ որոնց ինք յուսացեր էր եւ անկէ առած կողոպուտը կը բաժնէ։ 23Ան որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ ցիրուցան կ’ընէ»։
ՉԱՐ ՈԳԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
(Մատթ. 12:43-45)
24«Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղեր կը պտըտի, հանգստութիւն կը փնտռէ ու եթէ չգտնէ, կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս՝ ուրկէ ելայ’։ 25Եւ կու գայ, զանիկա մաքրուած ու յարդարուած կը գտնէ։ 26Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին եւ այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ»։
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
27Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայնը վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ 28Իսկ ինք ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։
ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մատթ. 12:38-42)
29Երբ ժողովուրդը անոր վրայ կը դիզուէր, ինք ըսաւ. «Այս ազգը չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ 30Քանզի ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, այնպէս Որդին մարդոյ այս ազգին՝ պիտի ըլլայ։ 31Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին մարդոցը դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, վասն զի երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս։ 32Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանին քարոզութիւնով զղջացին եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս»։
ՄԱՐՄՆԻՆ ՃՐԱԳԸ
33«Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ 34Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, բայց երբ աչքդ վատ է, մարմինդ ալ մութ կ’ըլլայ։ 35Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ 36Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ԴՊԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
(Մատթ. 23:1-36, Մարկ. 12:38-40)
37Երբ այս բաները կը խօսէր, փարիսեցի մը կ’աղաչէր անոր, որ իր քով ճաշ ուտէ։ Անիկա ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ։ 38Փարիսեցին երբ տեսաւ, զարմացաւ, որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։ 39Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ 40Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ։ 41Սակայն անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։ 42«Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ 43Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ 44Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։
45Օրինականներէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։ 46Անիկա ըսաւ. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ 47Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք։ 48Ուրեմն կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն ըրածներուն. վասն զի իրենք սպաննեցին զանոնք ու դուք անոնց գերեզմաններ կը շինէք։ 49Անոր համար ալ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըսաւ. ‘Պիտի ղրկեմ անոնց մարգարէներ ու առաքեալներ։ Անոնցմէ ոմանքը պիտի սպաննեն ու ոմանքը հալածեն, 50Որպէս զի աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն պահանջուի։ 51Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի’։ 52Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։
53Երբ այս բաները անոնց կ’ըսէր, դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խիստ նեղանալ եւ շատ բաներու վրայով անոր բերնէն խօսք փնտռել։ 54Անոր դարան պատրաստելով, կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս անոր բերնէն բան մը որսան, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 11: WARMB
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: