ՂՈԻԿԱՍ 18
18
ՈՐԲԵՒԱՐԻԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
1Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։ 2Ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ 3Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ 4Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, 5Գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։ 6Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ 7Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ 8Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։
ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
9Մէկ քանիներուն՝ որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին՝ այս առակը ըսաւ. 10«Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ 11Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, 12Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։ 13Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’։ 14Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ Կ’ՕՐՀՆԷ
(Մատթ. 19:13-15, Մարկ. 10:13-16)
15Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի։ Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք։ 16Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ 17Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։
ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴԸ
(Մատթ. 19:16-30, Մարկ. 10:17-31)
18Իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 19Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ 20Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ 21Ան ալ ըսաւ. «Ատոնք մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ 22Այս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր. «Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ 23Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր։ 24Յիսուս, երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին։ 25Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ 26Անոնք, որ լսեցին, ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 27Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։ 28Պետրոս ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ 29Անիկա ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, 30Եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 20:17-19, Մարկ. 10:32-34)
31Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ մարգարէներուն ձեռքով Որդի մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին։ 32Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի ու ծաղր պիտի ըլլայ եւ պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ 33Եւ պիտի ծեծեն ու սպաննեն զանիկա, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ 34Անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան։ Ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր եւ ըսած բաները չէին իմանար։
ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 20:29-34, Մարկ. 10:46-52)
35Օր մը երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ 36Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ ‘Ի՞նչ է այն’։ 37Իրեն ըսին թէ ‘Յիսուս Նազովրեցին կ’անցնի’։ 38Ան ալ աղաղակեց ու ըսաւ. «Յիսո՛ւս, Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ ինծի»։ 39Անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ, բայց անիկա ալ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ 40Յիսուս կանգ առնելով՝ հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ. 41«Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Տէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ 42Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ 43Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով՝ Աստուած կը գովաբանէին։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 18: WARMB
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: