YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1

1
Ողջոյն եւ գոհութիւն
1Ես, Պօղոս, որ Աստուծոյ կամքով կոչուած եմ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը ըլլալու, եւ Սոսթենէս՝ մեր եղբայրը, 2կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին, որ Քրիստոս Յիսուսով Աստուծոյ ընծայուած եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կոչուած էք, բոլոր անոնց հետ՝ որոնք ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը պաշտեն իբրեւ իրենց եւ մեր Տէրը։ 3Թող Աստուած մեր Հայրը եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
4Միշտ ձեզի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս՝ այն շնորհքին համար, որ ձեզի տուաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ըլլա՛յ 5որովհետեւ ամէն բանի մէջ հարստացաք իրմով, ըլլա՛յ խօսքի առատութեամբ, ըլլա՛յ գիտութեան։ 6Այդպէս ալ, Քրիստոսի մասին մեր վկայութիւնը ամրօրէն հաստատուեցաւ ձեր մէջ, 7եւ ոեւէ շնորհք չի պակսիր ձեզի, մինչ կը սպասէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յայտնուելուն։ 8Եւ Աստուած մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի պահէ ձեզ, որպէսզի անմեղադրելի ըլլաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։ 9Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։
Պառակտումներ եկեղեցւոյ մէջ
10Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, որ բոլորդ միաբանիք, եւ պառակտումներ չըլլան ձեր մէջ. այլ միանաք եւ ըլլաք մէկ միտք, մէկ խորհուրդ։ 11Որովհետեւ, եղբայրնե՛ր, Քլոյիսի ընտանիքէն ոմանք ձեր մասին խօսած ատեն ինծի իմացուցին՝ թէ հակառակութիւններ կան ձեր մէջ։ 12Ըսեմ ինչ որ լսեցի։ Թէ՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կ՚ըսէ։ Մին կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսի կը հետեւիմ», միւսը՝ «Ես Ապողոսին կը հետեւիմ», երրորդ մը կ՚ըսէ՝ «Ես Կեփասին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Քրիստոսի կը հետեւիմ»։ 13Միթէ Քրիստոս կողմերո՞ւ բաժնուած է։ Միթէ Պօղո՞ս խաչ բարձրացաւ ձեզի համար. կամ Պօղոսի անունո՞վ մկրտուեցաք։ 14Փառք Աստուծոյ որ ձեզմէ միայն Կրիսպոսն ու Գայիոսը մկրտեցի. 15այնպէս որ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ըսել՝ թէ իմ անունովս մկրտուեցաք։ 16Նաեւ Ստեֆանասի ընտանիքը ես մկրտեցի։ Չեմ կարծեր որ ուրիշ մէկը մկրտած ըլլամ։ 17Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու. եւ աւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ոյժէն չպարպուի։
Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը
18Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա։ 19Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.–
«Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ,
խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»։
20Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները։ Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է։ 21Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան։ 22Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ՚ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, 23մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, 24թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ 25Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն։
26Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։ 27Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. 28եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։ 29Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, 30որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, 31որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in