ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 5:3-5
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 5:3-5 WANTACOC
Պետրոս հարցուց. –Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով։ Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Մեծ վախ մը պատեց բոլոր անոնք՝ որոնք ներկայ էին ու լսեցին ասիկա։