ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:26-27
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:26-27 WANTACOC
Յետոյ Յիսուս շարունակեց. – Աստուծոյ արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Մարդ մը արտին մէջ սերմ կը ցանէ։ Օրեր ու գիշերներ կ՚անցնին, կը քնանայ ու կ՚արթննայ, մինչ այդ սերմերը կը բուսնին ու կ՚աճին, եւ ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս կը մեծնան։





