1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:10
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։
Compara
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:10
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:11
‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:11
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:27
Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:27
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:28
Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:28
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:9
‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:9
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:14
Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:14
7
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:29-30
Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։ Ես ու Հայրը մէկ ենք»։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:29-30
8
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:15
Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:15
9
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:18
Մէ՛կը չի հաներ զանիկա ինծմէ, հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:18
10
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:7
Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:7
11
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:12
Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ ու ոչխարները իրը չեն, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու զանոնք կը ցրուէ։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:12
12
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:1
«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։
Explorar ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:1
Inici
La Bíblia
Plans
Vídeos