1
ՂՈԻԿԱՍ 23:34
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։
Compara
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:34
2
ՂՈԻԿԱՍ 23:43
Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:43
3
ՂՈԻԿԱՍ 23:42
Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:42
4
ՂՈԻԿԱՍ 23:46
Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:46
5
ՂՈԻԿԱՍ 23:33
Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին ։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:33
6
ՂՈԻԿԱՍ 23:44-45
Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:44-45
7
ՂՈԻԿԱՍ 23:47
Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցնէ այս մարդը արդար էր»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 23:47
Inici
La Bíblia
Plans
Vídeos