ԾՆՆԴՈՑ 6
6
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան, 2Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։ 3Եւ Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ 4Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին։ 5Եւ Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր, 6Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ 7Եւ Տէրը ըսաւ. «Երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ անասունները եւ սողունները ու երկինքի թռչունները, վասն զի անոնք ստեղծելուս կը զղջամ»։ 8Բայց Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ։
ՆՈՅ
9 # 6:9 Եբր., Ասոնք են Նոյի ծնունդները Այս է Նոյին պատմութիւնը՝ ՝. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։ 10Նոյ ծնաւ երեք որդի՝ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։ 11Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։ 12Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։ 13Եւ Աստուած ըսաւ Նոյին. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ։ 14Արդ դուն քեզի #6:14 Կամ, նոճիիխժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ։ 15Այս ձեւով շինես զանիկա։ Տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ։ 16Տապանին լուսամուտ շինէ ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցուր վերէն եւ տապանին դուռը մէկ կողմէն դիր. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինէ զանիկա։ 17Ես ահա երկրի վրա ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի։ 18Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ ու տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ։ 19Ամէն տեսակ անասուններէ, ամէն մարմինէ, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ տապանը բեր, որպէս զի քեզի հետ ողջ մնան. արու եւ էգ ըլլան անոնք։ 20Թռչուններէն իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասուններէն իրենց տեսակին պէս, երկրի բոլոր սողուններէն իրենց տեսակին պէս, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ քեզի պիտի գան ողջ մնալու համար։ 21Եւ դուն առ քեզի այն ամէն բաներէն որ կ’ուտուին ու քովդ հաւաքէ, որպէս զի քեզի եւ անոնց ուտելիք ըլլայ»։ 22Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։
S'ha seleccionat:
ԾՆՆԴՈՑ 6: WARMB
Subratllat
Comparteix
Copia
Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: