ՂՈԻԿԱՍ 7:7-9

ՂՈԻԿԱՍ 7:7-9 WARMB

Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։ Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։