ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5
5
Բեթհեզդայի անդամալոյծին բժշկութիւնը
1Դարձեալ հրէական տօն մըն էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ 2Երուսաղէմ քաղաքի «Ոչխարներու դուռ» ին քով աւազան մը կար, Եբրայերէն Բեթհեզդա կոչուած, որ հինգ սրահներ ունէր։ 3Այդ սրահներուն մէջ բազմաթիւ հիւանդներ կային — կոյրեր, կաղեր, գօսացածներ — որոնք կը սպասէին աւազանի ջուրերուն խառնուելուն։ 4Ժամանակ առ ժամանակ Տիրոջ հրեշտակը կ՚իջնէր աւազանին մէջ եւ ջուրը կը խառնէր. եւ ով որ ջուրը շարժելունպէս առաջին անգամ աւազան կ՚իջնէր, իր հիւանդութենէն կը բժշկուէր։
5Հոն մարդմըկար, որերեսունութըտարիէիվեր հիւանդ էր։ 6Յիսուս երբ տեսաւ զայն հոն պառկած, եւ գիտնալով որ երկար ատեն հիւանդ պառկած է, ըսաւ.
– Կ՚ուզե՞ս առողջանալ։
7Հիւանդը պատասխանեց.
– Տէ՛ր, մէկը չունիմ որ ջուրերը շարժած ատեն զիս աւազան իջեցնէ. եւ մինչ ես կը դանդաղիմ, ուրիշը ինձմէ առաջ կ՚իջնէ աւազան։
8Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛։
9Մարդը վայրկեանին առողջացաւ, ելաւ, առաւ մահիճը եւ սկսաւ քալել։ Եւ այդ օրը Շաբաթ էր։ 10Հրեայ ղեկավարները բժշկուած մարդուն ըսին.
– Օրը Շաբաթ է եւ Օրէնքին դէմ է մահիճդ շալկելը։
11Մարդը պատասխանեց.
– Զիս բժշկողը ի՛նք ըսաւ ինծի՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։
12Անոնք հարցուցին.
– Ո՞վ է այդ մարդը որ քեզի ըսաւ՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։
13Բայց բժշկուած մարդը չէր գիտեր թէ ով է, որովհետեւ Յիսուս հեռացած էր այդտեղ գտնուող ամբոխին մէջէն։
14Այս դէպքէն ետք Յիսուս մարդը տաճարին մէջ գտաւ եւ ըսաւ անոր.
– Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի։
15Մարդը գնաց եւ Հրեայ ղեկավարներուն պատմեց՝ ըսելով, թէ Յիսուսն էր զինք բժշկողը։ 16Այս պատճառով անոնք սկսան հալածել Յիսուսը, որովհետեւ Շաբաթ օրով այս բաները կը կատարէր։ 17Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ։
18Այս խօսքին համար Հրեաները առաւել եւս կ՚ուզէին զինք սպաննել, որովհետեւ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը չէր պահեր, այլ նաեւ զԱստուած իր Հայրը կը կոչէր՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար ընելով։
Որդիին Իշխանութիւնը
19Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ։ Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ։ 20Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ։ Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք։ 21Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն։ 22Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին, 23որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն։ Ան որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է։
24Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է։ 25Հաստա՛ տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին։ 26Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին։ 27Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին, որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է։ 28Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը 29եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին։ 30Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։
Վկայութիւն Որդիին մասին
– 31Եթէ իմ անձիս մասին վկայողը ե՛ս ըլլայի, այդ վկայութիւնը կրնայիք չընդունիլ։ 32Սակայն իմ մասիս ուրիշն է որ կը վկայէ, եւ գիտեմ թէ իմ մասիս անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ 33Դուք մարդ ղրկեցիք Յովհաննէսին, եւ անիկա ճշմարտութեան ի նպաստ վկայութիւն տուաւ։ 34Բայց ես պէտք չունիմ մարդու մը կողմէ տրուած վկայութեան։ Ասիկա կ՚ըսեմ, որպէսզի դուք փրկուիք։ 35Յովհաննէս այն առկայծ ճրագն էր, որ կը շողար. եւ դուք ուզեցիք որոշ ատեն մը անոր լոյսով ուրախանալ։ 36Բայց ես իմ մասիս տրուած վկայութիւն մը ունիմ, որ աւելի մեծ է քան Յովհաննէսի տուած վկայութիւնը։ Այն գործերը, որ Հայրս տուաւ ինծի որ կատարեմ, նոյնինքն այդ կատարած գործերս են որ կը վկայեն իմ մասիս՝ թէ Հայրը զիս ղրկեց։ 37Եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք է որ իմ մասիս կը վկայէ։ Դուք երբեք չէք լսած անոր ձայնը եւ ոչ ալ տեսած անոր դէմքը. 38ոչ իսկ իր խօսքը տեղ գտած է ձեր սիրտերուն մէջ, քանի դուք չէք հաւատար անոր՝ որ ինք ղրկեց։ 39Քննեցէ՛ք Սուրբ գիրքերը, քանի կը կարծէք թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք. եւ նոյն գիրքերն են որ կը վկայեն իմ մասիս։ 40Դուք, սակայն, չէք ուզեր ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար։
41Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ։ 42Բայց ձեզ կը ճանչնամ եւ գիտեմ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէր չունիք ձեր սիրտերուն մէջ։ 43Ես Հօրս անունով եկայ, բայց դուք չէք ընդունիր զիս. մինչդեռ եթէ մէկը ինքն իր անունով գայ՝ պիտի է ընդունիք զայն։ 44Ինչպէ՞ս ինծի պիտի հաւատաք, երբ դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ՚ընդունիք, եւ չէք փնտռեր այն փառաբանութիւնը որ կու գայ միակ Աստուծմէ։ 45Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզ պիտի ամբաստանեմ Հօրս դիմաց։ Մովսէս, որուն վրայ ձեր յոյսը դրած էք, ի՛նք պիտի ամբաստանէ ձեզ։ 46Որովհետեւ եթէ Մովսէսի հաւատայիք՝ անշուշտ ինծի ալ պիտի հաւատայիք, որովհետեւ անիկա իմ մասիս է որ գրած է։ 47Բայց եթէ անոր գրածին չէք հաւատար, ի՞նչպէս իմ խօսքերուս պիտի հաւատաք։
S'ha seleccionat:
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5: WANTACoC
Subratllat
Comparteix
Copia
Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019