1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:33
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։
Compare
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:33
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:13
Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, վասն զի ո՛չ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ։
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:13
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:24
Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:24
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:7-8
Բայց ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’։ Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար։
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:7-8
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:22-23
Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ։ Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:22-23
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:20
Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’։
Explore ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:20
Home
Bible
Plans
Videos