1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ջանացէք նեղ դռնէն մտնել։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատեր պիտի ուզեն մտնել, բայց պիտի չկրնան։
Vertaa
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:24
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:11-12
Հոն կին մը կար, որ տասնըութը տարիէ ի վեր հիւանդ էր՝ չար ոգիէ բռնուած ըլլալով, եւ այս պատճառով՝ մէջքը ծռած կը քալէր եւ բնաւ չէր կրնար շտկուիլ։ Երբ Յիսուս տեսաւ կինը, իր մօտ կանչեց զայն եւ ըսաւ. – Ո՛վ կին, հիւանդութենէդ բժշկուած ես։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:11-12
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:13
Յիսուս ձեռքերը անոր վրայ դրաւ, եւ կինը անմիջապէս բժշկուեցաւ եւ սկսաւ զԱստուած փառաւորել։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:13
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:30
Եւ ահա այսպէս, շատեր որ հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, իսկ շատեր որ առաջին են՝ վերջին։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:30
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:25
Երբ տանտէրը մտնէ եւ դուռը փակէ, դուրս պիտի մնաք. պիտի սկսիք դուռը բաղխել եւ ըսել. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»։ Տանտէրը պիտի պատասխանէ. «Չեմ գիտեր թէ ուրկէ էք»։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:25
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:5
Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:5
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:27
Անիկա պիտի պատասխանէ. «Ձեզի կ՚ըսեմ, թէ չե՛մ գիտեր ուրկէ՛ էք։ Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, անիրաւնե՛ր»։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:27
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:18-19
Յիսուս հարցուց. – Ի՞նչ բանի կը նմանի Աստուծոյ թագաւորութիւնը, կամ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ զայն։ Անիկա կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ մէկը իր պարտէզին մէջ ցանեց։ Հատիկը մեծցաւ եւ ծառ դարձաւ, եւ երկինքի թռչունները գալով՝ անոր ոստերուն մէջ բոյն դրին։
Tutki ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:18-19
Koti
Raamattu
Suunnitelmat
Videot