1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:16
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս։
Vertaa
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:16
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:39
Ով որ իր կեանքը իրեն կը պահէ՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:39
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:28
Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:28
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:38
Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:38
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:32-33
Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։ Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:32-33
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:8
Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, չար ոգիները հանեցէք։ Ձրի առիք, ձրի ալ տուէք։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:8
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:31
Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:31
8
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:34
Մի՛ կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութիւն բերելու եկայ։ Ո՛չ. չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր։
Tutki ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10:34
Koti
Raamattu
Suunnitelmat
Videot