1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:42
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
ըսելով. – Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ։
Bandingkan
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:42
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:32
բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:32
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:19
Ապա հաց առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով. – Ասիկա մարմինս է, որ ձեզի համար տրուած է։ Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:19
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:20
Նոյնպէս, ընթրիքէն ետք, բաժակն ալ առաւ եւ ըսաւ. – Այս բաժակը Աստուծոյ նոր ուխտն է, կնքուած իմ արիւնովս, որ ձեզի համար կը հոսի։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:20
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:44
Տագնապի մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր, եւ քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռ–ոլոռ գետին կը հոսէր։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:44
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:26
Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:26
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:34
Յիսուս ըսաւ. – Պետրո՛ս, քեզի կ՚ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով որ զիս չես ճանչնար։
Telusuri ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22:34
Beranda
Alkitab
Rencana
Video