1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:9
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։
Bandingkan
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:9
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:10
Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:10
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:17
Կը նշանակէ, հետեւաբար, թէ հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:17
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:11-13
Եւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Ով որ անոր հաւատայ՝ ամօթով պիտի չմնայ»։ Հաւատքի մէջ խտրութիւն չկայ Հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զինք կը կանչեն, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:11-13
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:15
եւ կամ՝ ի՞նչպէս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու։ Այդ քարոզութեան կ՚ակնարկէ մարգարէն, երբ կը գրէ. «Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել աւետիս բերողները, որոնք կու գան խաղաղութեան լուրը տալու եւ գալիք բարօրութիւնը աւետելու»։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:15
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:14
Բայց ի՞նչպէս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց անոր հաւատացած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատային անոր, առանց իր մասին լսած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար.
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:14
7
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:4
Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10:4