1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։
比較
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28で検索
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29
Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29で検索
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30
Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30で検索
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27
Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27で検索
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5
Յիսուս պատասխանեց. – Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5で検索
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15
Ականջ ունեցողը թող լսէ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15で検索
ホーム
聖書
読書プラン
ビデオ