1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան։
Salīdzināt
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար.
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27
Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28
եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9
Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30
Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է։ Ես եւ Հայրս մէկ ենք։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15
այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18
Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս ինծի։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7
Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12
մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1
Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ.
Izpēti ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1
Mājas
Bībele
Plāni
Video