1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:24
Western Armenian Bible 1853
Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։
Uporedi
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:24
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:23
Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:23
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:14
Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:14
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:10
Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:10
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:34
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:34
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:11
Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:11
7
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:25-26
Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը,) երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:25-26
8
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:29
«Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:29
Početna
Biblija
Planovi
Video zapisi