ՄԱՏԹԷՈՍ 10

10
ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
(Մարկ. 3.13-19, Ղուկ. 6.12-16)
1Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։
2Տասներկու առքեալներուն անունները ասոնք են. առաջինը Սիմոն, Պետրոս ըսուածը եւ անոր եղբայրը Անդրէաս, 3Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Յակոբոս Ալփեան եւ Ղեբէոս որ Թադէոս մականուանեցաւ, 4Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զանիկա։
ՏԱՍՆԵՐԿՈՒՔԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 6.7-13, Ղուկ. 9.1-6)
5Յիսուս այս տասներկուքը ղրկեց եւ անոնց պատուիրեց՝ ըսելով. «Հեթանոսներու ճամբայ մի երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի մտնէք, 6հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։ 7Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։ 8Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները #10.8 Մաքրեցէք, մեռելները յարուցանեցէքմաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։ 9Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ 10Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է։ 11Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ 12Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք #10.12 Ոմանք, անոր՝ ու ըսէք, «Բարեւ այս տանը»։անոր։ 13Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ 14Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք։ 15Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։
ՎԵՐԱՀԱՍ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ
(Մարկ. 13.9-13, Ղուկ. 21.12-17)
16 Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։ 17Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ 18Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ 19Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ 20Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ 21Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 22Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 23Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։ 24Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ 25Հերիք է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ ու ծառային՝ իր տիրոջը պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը։
ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ
(Ղուկ. 12.2-7)
26 Ուստի մի՛ վախնաք անոնցմէ, վասն զի բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի։ 27Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք։ 28Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։ 29Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ 30Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ 31Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։
ՅԻՍՈՒՍԸ ԴԱՒԱՆԻԼ ԵՒ ՈՒՐԱՆԱԼ
(Ղուկ. 12.8-9)
32 Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ 33Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։
ՈՉ ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼ՝ ՍՈՒՐ
(Ղուկ. 12.51-53, 14.26-27)
34 «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ 35Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ 36Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան։ 37Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։ 38Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։ 39Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա»։
ՎԱՐՁՔԸ
(Մարկ. 9.40)
40 «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։ 41Ան որ մարգարէ մը կ’ընդունի մարգարէի անունով, մարգարէի վարձք պիտի առնէ եւ ան որ արդար մը կ’ընդունի արդարի անունով, արդարի վարձք պիտի առնէ։ 42Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։

Цяпер абрана:

ՄԱՏԹԷՈՍ 10: WA2017

Пазнака

Падзяліцца

Капіяваць

None

Хочаце, каб вашыя адзнакі былі захаваны на ўсіх вашых прыладах? Зарэгіструйцеся або ўвайдзіце