1
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:6
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք։
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:6
2
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:1-2
Գալով կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն, գի–տեմ թէ «բոլորս ալ պէտք եղածը գիտենք» ըսողներ կան։ Գիտցէ՛ք սակայն, թէ գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՚ամրապնդէ։ Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:1-2
3
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:13
Ահա թէ ինչու, եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:13
4
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:9
Բայց, զգո՛յշ եղէք. չ՚ըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8:9