YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 8

8
Կուռքերուն զոհուած կերակուրներու մասին
1Գալով կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն, գի–տեմ թէ «բոլորս ալ պէտք եղածը գիտենք» ըսողներ կան։ Գիտցէ՛ք սակայն, թէ գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՚ամրապնդէ։ 2Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ։ 3Իսկ ով որ զԱստուած կը սիրէ, ինքն ալ Աստուծմէ կը ճանչցուի։ 4Արդ, կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն կապակցութեամբ գիտենք, թէ կուռքերը աշխարհի մէջ բան մը չեն ներկայացներ, եւ թէ միայն մէկ Աստուած կայ։ 5Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք թէ կան բազմաթիւ «աստուած» ներ եւ բազմաթիւ «տէր» եր, 6բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք։
7Բայց այս գիտակցութիւնը ամենուն քով չկայ։ Ոմանք դեռ մինչեւ հիմա խղճի հարց կ՚ունենան, երբ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն կ՚ուտեն. եւ որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, իրենք զիրենք պղծուած կը զգան։ 8Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ։ Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք։ 9Բայց, զգո՛յշ եղէք. չ՚ըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար։ 10Եթէ մէկը տեսնէ որ դուն՝ որ գիտակցութիւն ունիս՝ մեհեանի մը մէջ սեղան նստեր ես, ինք՝ խղճմտանքը տկար եղողը՝ պիտի չքաջալերուի՞ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն ուտելու։ 11Եւ ահա, քու «գիտութիւն» դպատճառ պիտի ըլլայ որ կորուստի մատնուի հաւատքով տկար եղբայր մը, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ 12Եւ երբ այսպէս ձեր եղբայրներուն հանդէպ մեղք կը գործէք՝ անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով, Քրիստոսի դէմ մեղք գործած կ՚ըլլաք։ 13Ահա թէ ինչու, եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in