ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 7
7
Ամուսնութեան վերաբերեալ հարցեր
1Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ՚ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ։ 2Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, 3որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը։ 4Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը։ 5Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ։ Եթէ կ՚ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով։ 6Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք։ 7Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս։ 8Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ՚ըսեմ.– Աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. 9բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։ 10Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.– Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. 11իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ։ Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ։ 12Միւսներուն ե՛ս կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ Տէրը.– Եթէ ոեւէ հաւատացեալ եղբայր ունի անհաւատ կին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր կնոջմէ։ 13Նոյնպէս, ոեւէ հաւատացեալ կին, եթէ ունի անհաւատ ամուսին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր ամուսինէն։ 14Անհաւատ ամուսինը կնոջ միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ, եւ անհաւատ կինը ամուսինին միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ. այլապէս՝ ձեր որդիները հեթանոս պիտի նկատուէին, մինչդեռ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։ 15Սակայն եթէ անհաւատ ամուսինը կամ կինը ուզէ բաժնուիլ՝ թող բաժնուի։ Նման պարագաներուն ոեւէ պարտադրանք չկայ հաւատացեալ ամուսինին եւ կնոջ վրայ։ Աստուած մեզ կանչեց՝ խաղաղութեամբ ապրելու։ 16Բայց ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ ձեւով ամուսինիդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս, ո՛վ կին. կամ դուն, ո՛վ մարդ, թերեւս այդ ձեւով կնոջդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս։
Մնացէք այնպէս՝ ինչպէս Աստուած ձեզ կանչեց
17Այլապէս, իւրաքանչիւրըթողապրի Աստուծմէ իրեն տրուած շնորհքին համաձայն, ինչպէս որ էր՝ երբ Աստուած զինք կանչեց։ Այսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն։ 18Հրեա՞յ մըն է կանչուածը. թող չծածկէ իր թլփատուած ըլլալը։ Հեթանոսութենէ եկա՞ծ մըն է. թող չթլփատուի։ 19Որովհետեւ կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ. կարեւորը՝ Աստուծոյ պատուիրանը պահելն է։ 20Բայց իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ էր երբ Աստուած զինք կանչեց՝ թող նոյն վիճակին մէջ մնայ։ 21Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ։ Իսկ եթէ կարենաս ազատ ըլլալ՝ աւելի լաւ։ 22Որովհետեւ այն մարդը որ ստրուկ վիճակի մէջ Տիրոջ պատկանելու կոչուեցաւ՝ Տիրոջմով ազատագրուածմըն է։ Նոյնպէս ալ այն մարդը որ ազատ վիճակի մէջ կոչուեցաւ՝ Քրիստոսի ծառան է։ 23Աստուած փրկագինով ձեզ գնեց. մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։ 24Եղբայրնե՛ր, իւրաքանչիւրդ ի՛նչ վիճակի մէջ որ էիք՝ երբ Աստուած ձեզկանչեց՝ նոյն վիճակին մէջ մնացէք Աստուծոյ առջեւ։
Ամուրիներուն եւ այրիներուն մասին
25Ամուրիներուն վերաբերող ձեր հարցումին կապակցութեամբ Տիրոջմէ հրաման մը չունիմ։ Բայց ես՝ իբրեւ Տիրոջմէ ողորմութիւն գտած մէկը, որուն կարելի է վստահիլ, հետեւեալ խրատը կու տամ.–
26Կը խորհիմ որ իրենց վիճակը լաւագոյնն է։ Նկատի ունենալով վերահաս նեղութիւնը, աւելի լաւ է որ մարդ ինչպէս որ է՝ այնպէս մնայ։ 27Ամուսնութեամբ կապուա՞ծ ես կնոջ մը. մի՛ փորձեր բաժնուիլ։ Ամուսնութեամբ կապուած չե՞ս մէկուն. կին մի՛ փնտռեր։ 28Եթէ ամուսնանաս՝ մեղք գործած չես ըլլար. կամ ոեւէ ամուրի կին եթէ ամուսնանայ՝ մեղք գործած չ՚ըլլար։ Բայց անշուշտ ամուսնական կեանքին յատուկ նեղութիւններ պիտի ունենան, որոնցմէ զերծ պիտի ուզէի տեսնել ձեզ։ 29Բայց հետեւեալը կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ՝ ա՛լ ժամանակը կարճցած է. հետեւաբար՝ կին ունեցողներն ալ չամուսնացածներու պէս թող ապրին. 30սգացողները թող սուգ չունեցողներու պէս ապրին, ուրախացողները՝ չուրախացողներու պէս, հարուստները՝ աղքատներու պէս, 31աշխարհը վայելողները՝ չվայելողներու պէս. որովհետեւ մեզի ծանօթ այս աշխարհը անցնելու վրայ է։ 32Ուստի կ՚ուզեմ որ հոգերէ զերծ ըլլաք։ Որովհետեւ կին չունեցողը միայն Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ, ջանալով Տիրոջ կամքը ընել. 33մինչդեռ ամուսնացած մարդը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր կնոջ կամքը կատարել. 34որով երկուքի բաժնուած կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս ալ, չամուսնացած կինը կամ կոյսը Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ եւ կը ջանայ մարմինով եւ հոգիով Աստուծոյ նուիրուիլ. մինչ ամուսնացած կինը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր ամուսինին կամքը կատարել։ 35Ասիկա ձեր օգուտին համար կ՚ըսեմ։ Ո՛չ թէ արգելքներ կը դնեմ ձեր վրայ, այլ կ՚ուզեմ որ պարկեշտութեամբ եւ անզբաղ միտքով Տիրոջ հնազանդութեան նուիրուիք։
36Խօսեցեալներու պարագային, եթէ ոեւէ նշանուած մարդ կը խորհի թէ իր նշանածին քով ամօթով պիտի մնայ եթէ չամուսնանայ, եւ ցանկութիւնն ալ ա՛յնքան զօրացած է իր մէջ՝ որ պէտք է ամուսնանայ, թող իր կամեցածին պէս ընէ. մեղք գործած չ՚ըլլար. թող ամուսնանայ։ 37Իսկ ան որ իր մտքին մէջ հաստատ որոշում առած է, առանց ոեւէ հարկադրանքի, եւ կրնայ իր կամքին վրայ իշխել, եւ իր որոշումն է՝ պահել իր նշանածը՝ առանց մարմնական յարաբերութեան, լաւ կ՚ընէ։ 38Այնպէս որ, ով որ կ՚ամուսնանայ՝ լաւ կ՚ընէ, իսկ ով որ չ՚ամուսնանար՝ աւելի լաւ կ՚ընէ։
39Ոեւէ ամուսնացած կին ազատ չէ, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ ամուսինին մահէն ետք ազատ է, որու հետ որ ուզէ՝ կ՚ամուսնանայ. միայն թէ՝ քրիստոնեայի մը հետ։ 40Բայց աւելի երանելի կ՚ըլլայ՝ եթէ տուած խրատիս հետեւի եւ մնայ այնպէս՝ ինչպէս որ է հիմա։ Եւ կը խորհիմ որ Աստուծոյ Հոգին է որ այսպէս ըսել կու տայ ինծի։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 7: WANTACoC
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019