YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6

6
Իրարու միջեւ դատեր
1Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ, երբ ձեզմէ մէկը ոեւէ խնդիր ունի իր ընկերոջ հետ՝ կը համարձակի անհաւատ հեթանոսներու դատաստանին դիմել, փոխանակ Աստուծոյ եկեղեցիինդիմելու։ 2Միթէ չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ ժողովուրդն է որ պիտի դատէ աշխարհը։ Եւ եթէ աշխարհը դուք պիտի դատէք, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ չնչին դատ մը իսկ չէք կրնար տեսնել։ 3Չէ՞ք գիտեր թէ հրեշտակներն իսկ մենք պիտի դատենք, ալ ո՛ւր մնաց՝ այս աշխարհի խնդիրները։ 4Արդ, ձեր հասարակ խնդիրներուն համար ի՞նչպէս կրնաք դատաւոր կարգել անոնք՝ որոնք եկեղեցիին կողմէ մերժելի են։ 5Ամօթ չէ՞ ձեզի։ Ձեր մէջ չկա՞յ իմաստուն մը որ կարենայ ձեր միջեւ ծագած խնդիրները վճռել, 6որ քրիստոնեայ եղբայր մը իր հաւատակից եղբայրը դատի կը քաշէ, այն ալ՝ անհաւատներուն առջեւ։
7Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել։ 8Մինչդեռ դուք էք որ անիրաւութիւն կ՚ընէք եւ կը զրկէք. եւ ատիկա կ՚ընէք՝ նոյնինքն ձեր հաւատակից եղբայրներուն։ 9Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, 10գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ 11Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն։ Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ։
Ձեր մարմինները թող Աստուծոյ փառքին ծառայեն
12Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ ոեւէ բանի գերին դառնամ։ 13Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պիտի խափանէ։ Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան։ Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին։ 14Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ իր զօրութեամբը։
15Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են։ Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք։ Բնա՛ւ երբեք։ 16Չէ՞ որ գիտէք թէ պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ, որովհետեւ գրուած է. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ 17Նոյնպէս ալ, ով որ Տիրոջ միանայ՝ անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ։ 18Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ։ 19Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, 20այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in