YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 5

5
Բարոյական անկարգութեան դատապարտութիւն
1Լսեցիձերմէջ տեղիունեցած անբարոյութեան մը մասին. եւ այնպիսի անբարոյութիւն մը՝ որ նոյնիսկ հեթանոսներուն մօտ դատապարտուած է։ Լսեցի արդարեւ, թէ մարդուն մէկը իր հօրը կնոջ հետ կը կենակցի։ 2Եւ դեռ դուք կը հպարտանա՞ք. պէտք չէ՞ր, ընդհակառակը, սգայիք, եւ ձեր մէջէն դուրս դնէիք այդ անբարոյութիւնը գործողը։ 3Ես թէպէտեւ մարմինով հեռու՝ բայց հոգիով ձեզի հետ եմ, եւ արդէն իբրեւ ձեր մէջ ներկայ՝ վճիռս տուի։ 4Կ՚ուզեմ որ երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով իրարու քով գաք, եւ ես ալ հոգիով ձեզի հետ ըլլամ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի տուած իշխանութեամբ՝ 5այդ անբարոյութիւնը գործողը իր մարմինով Սատանային կամքին ձգէք, որպէսզի մարմինը կորսուի, եւ այսպիսով թերեւս հոգին փրկուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։
6Ճիշդ չէ որ պարծենաք։ Չէ՞ք գիտեր առածը, որ կ՚ըսէ. «Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ»։ 7Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք, ինչպէս որ էք արդէն, քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ։ 8Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, այսինքն՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ, այլ՝ առանց թթխմորի, այսինքն՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։
9Նամակիս մէջ ձեզի գրած էի, որ անբարոյ մարդոց հետ չյարաբերիք։ 10Բայց յստակ է որ խօսքս հեթանոս աշխարհին անբարոյ մարդոց կամ ագահներուն կամ յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն մասին չէր. այլապէս ստիպուած պիտի ըլլայիք այս աշխարհէն հեռանալու։ 11Մինչդեռ այդ տողերովս ըսել կ՚ուզէի որ չյարաբերիք անոնց հետ՝ որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամ բամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող։ Այնպիսիներուն հետ նոյնիսկ սեղան մի՛ նստիք։ 12-13Ես ի՞նչ պէտք ունիմ դատելու անոնք՝ որ եկեղեցիին անդամ չեն. թող Աստուած դատէ զանոնք։ Բայց չէ՞ որ եկեղեցիին անդամները դատելը ձեր գործն է։ Ուստի, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք»։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in