YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4

4
Քրիստոսի սպասաւորներն ենք
1Հետեւաբար՝ պէտք է մեզ նկատէք Քրիստոսի սպասաւորները, իբրեւ մարդիկ՝ որոնց յանձնուած է Աստուծոյ ծածուկ ծրագիրին վերակացութիւնը։ 2Արդ, վերակացութիւն ընող մարդէ մը կը պահանջուի՝ հաւատարիմ ըլլալ։ 3Ուստի ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։ 4Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ։ 5Ուստի դուք ալ ոեւէ մէկը մի՛ դատէք ժամանակէն առաջ, մինչեւ գայ Տէրը, որ մարդոց մութ գաղտնիքները լոյսին պիտի բերէ եւ երեւան պիտի հանէ միտքերուն մէջ ծածկուած խորհուրդները։ Ահա այն ատեն իւրաքանչիւրը Աստուծմէ պիտի ստանայ արժանի գովասանքը։
6Եղբայրնե՛ր, ձեզի համար ինքզինքս եւ Ապողոսը օրինակ դարձուցի ըսածներուս, որպէսզի մեզմէ սորվիք չհպարտանալ, կամ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «Ոչինչ՝ գրուածէն անդին», եւ որպէսզի այնքան մը չպարծենաք մէկով՝ ուրիշ մը արհամարհելու չափ։ 7Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի թէ Աստուծմէ բան առած չէ։
8Կը կարծէք թէ արդէն ամէն ինչ ունի՞ք. կը կարծէք թէ արդէն հարստացա՞ծ էք, եւ առանց մեզի արդէն թագաւորեցի՞ք։ Երանի՜ թէ թագաւորութեան հասած ըլլայիք, որպէսզի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք։ 9Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Աստուած մեզ՝ առաքեալներս մարդոց մէջ յետին դասեց, մահապարտներու պէս, եւ մենք տեսարան եղանք ամբողջ աշխարհին, թէ՛ հրեշտակներուն եւ թէ՛ մարդոց։ 10Մենք Քրիստոսի սիրոյն «յիմար» եղանք, իսկ դուք հազիւ Քրիստոսի միացած՝ իմաստո՞ւն եղաք. մենք՝ տկար, իսկ դուք՝ հզօ՞ր. մենք՝ անարգ, իսկ դուք փառաւո՞ր։ 11Մինչեւ օրս յաճախ անօթի ալ կը մնանք, ծարաւ ալ, կիսամերկ ալ. յաճախ ծեծի կ՚ենթարուինք, բնաւ մնայուն կայք չունինք, 12եւ մեր հացն ալ սեփական աշխատանքով կը ճարենք։ Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ՚օրհնենք։ Կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք։ 13Կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնուութեամբ կը պատասխանենք։ Ամբողջ աշխարհին նախատինքին թիրախ դարձանք եւ բոլորին անարգանքին առարկան եղանք մինչեւ օրս։
Պօղոսի հայրական հոգածութիւնը
14Այս բաները կը գրեմ՝ ո՛չ թէ ձեզ ամօթով ձգելու, այլ՝ խրատելու համար ձեզ, որպէս իմ սիրելի որդիներս։ 15Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ բիւրաւոր դաստիարակներ ունենաք՝ ձեզ Քրիստոսի առաջնորդելու համար, բայց ինձմէ զատ հայր չէք կրնար ունենալ, որովհետեւ ե՛ս էի որ Աւետարանին քարոզութեամբ ձեզի հայր եղայ՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի պատկանիք։ 16Հետեւաբար, կը խնդրեմ ձեզմէ, ինծի նմանեցէք։ 17Ատոր համար ալ ձեզի ղրկեցի Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս՝ Տիմոթէոսը, որպէսզի ձեզի յիշեցնէ իմ սորվեցուցած սկզբունքներս, որոնք Քրիստոս Յիսուսի պատկանողներունը պէտք է ըլլան, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։ 18Ձեզմէ ոմանք սկսեր են գոռոզանալ, խորհելով որ այլեւս ես չեմ գար ձեր մօտ։ 19Բայց շուտով պիտի գամ, եթէ Տէրը կամենայ, ո՛չ թէ այդ հպարտացած մարդոց խօսքերը լսելու, այլ անոնց զօրութիւնը տեսնելու համար։ 20Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը խօսքով չէ որ ինքզինք կը յայտնէ մարդոց կեանքին մէջ, այլ՝ գործով։ 21Արդ, ի՞նչպէս կ՚ուզէք, գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ ազնուութեամբ։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in