ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 3
3
Աստուծոյ գործակիցներ
1Ես ալ, եղբայրնե՛ր, սկիզբը չէի կրնար ձեզի խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի խօսէի Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդոց հետ. այլ խօսեցայ այնպէս՝ ինչպէս պէտք էր խօսիլ աշխարհին պատկանող մարդոց։ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ դեռ երեխաներ էիք, 2ուստի կաթ ջամբեցի ձեզի եւ ո՛չ թէ կերակուր, որովհետեւ չէիք կրնար ուտել։ Բայց նոյնիսկ հիմա չէք կրնար, 3որովհետեւ դեռ աշխարհին պատկանող մարդոց պէս կ՚ապրիք։ Տակաւին ձեր մէջ եղող նախանձն ու հակառակութիւնը միթէ ցոյց չե՞ն տար որ դեռ մարմնաւոր էք եւ աշխարհի չափանիշներով խորհող մարդոց պէս կը վարուիք։ 4Երբ ձեզմէ մէկը կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Ապողոսի կը հետեւիմ», յստակ չէ՞ որ աշխարհիկ մարդոց պէս կը խորհիք։ 5Վերջին հաշուով՝ Պօղո՛սը ով է, Ապողոսը ով է. պաշտօնեաներ են՝ որոնց միջոցաւ հաւատացիք, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարզապէս կատարեց այն պաշտօնը որ Տէրը տուաւ։ 6Ես տնկեցի, Ապողոսը ջրեց. բայց Աստուած էր որ աճեցուց։ 7Այլեւս ո՛չ տնկողը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ ջրողը, այլ աճեցնողը՝ Աստուած։ 8Տնկողն ու ջրողը տարբերութիւն չունին, իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին համաձայն իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ։ 9Որովհետեւ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք. դուք Աստուծո՛յ անդաստանն էք եւ Աստուծո՛յ շինութիւնը, եւ ո՛չ թէ մերը։ 10Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքին համաձայն, ես՝ որպէս փորձառու ճարտարապետ՝ հաւատքին հիմը դրի. բայց ուրի՛շն է որ անոր վրայ պիտի շինէ։ Ամէն ոք զգոյշ պէտք է ըլլայ, սակայն, թէ ի՛նչպէս կը շինէ։ 11Որովհետեւ ոեւէ մէկը չի կրնար ուրիշ հիմ դնել, քան Աստուծոյ դրած միակ հիմը, որ Յիսուս Քրիստոս է։
12Այդ հիմինվրայ շինուածըկրնայ ոսկի, արծաթ կամ թանկագին քար ըլլալ, եւ կամ կրնայ փայտ, խոտ կամ եղէգ ըլլալ։ 13Իւրաքանչիւրին գործը դատաստանի օրը պիտի յայտնուի, եւ ատիկա կրակը պիտի յայտնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին գործին որակը կրակով պիտի փորձուի։ 14Եթէ մէկուն շինածը կրակին դիմանայ՝ ենթական պիտի վարձատրուի. 15իսկ եթէ այրի՝ ենթական պիտի տուժէ, այսինքն թէեւ անձը ինք պիտի փրկուի, սակայն իր գործերուն համար վարձատրութիւն պիտի չստանայ։
16Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ։ 17Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը։
18Ոեւէ մէկը ինքզինք թող չխաբէ։ Ձեզմէ ով որ այս աշխարհին չափանիշով ինքզինք իմաստուն կը կարծէ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէսզի իրաւ իմաստուն ըլլայ։ 19Որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւնէ, ինչպէս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Աստուած իմաստունները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ»։ 20Իսկ ուրիշ տեղ մը գրուած է. «Տէրը գիտէ իմաստուններու խորհուրդները, որոնք անարժէք են»։ 21Հետեւաբար, թող ոեւէ մէկը չպարծենայ մարդոցմով, 22որովհետեւ ամէն ինչ ձեզի համար է. Պօղո՛սն ալ ձեզի համար է, Ապողո՛սն ալ, Կեփա՛սն ալ։ Նոյնպէս այս աշխարհը, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը, թէ՛ ներկան եւ թէ՛ ապագան, բոլորը ձեզի համար են։ 23Իսկ դուք Քրիստոսի կը պատկանիք, եւ Քրիստոս ալ՝ Աստուծոյ։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 3: WANTACoC
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019