YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 9

9
Առաքելական իրաւասութիւններ եւ պարտաւորութիւններ
1Միթէ ազատ չե՞մ. միթէ առաքեալ չե՞մ. միթէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ես իմ աչքերովս չտեսա՞յ. միթէ իմ աշխատանքովս չէ՞ր որ դուք Տիրոջ պատկանեցաք։ 2Նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն համար առաքեալ չեմ, բայց եւ այնպէս ձեզի համար՝ եմ. եւ իմ առաքելութեանս կնիքը դո՛ւք էք, որ Տիրոջ կը պատկանիք։
3Զիս քննադատողներուն պատասխանս սա է.– 4Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք մեր աշխատանքին փոխարէն ուտելիք կամ խմելիք ստանալու։ 5Միթէ իրաւունք չունի՞նք մեր հաւատակից կինը մեզի հետ շրջեցնելու, ինչպէս միւս առաքեալները, Տիրոջ եղբայրները եւ Կեփաս կ՚ընեն։ 6Միայն ես ու Բառնաբա՞սը իրաւունք չունինք Աւետարանի քարոզութեամբ ապրուստ շահելու։ 7Ո՞ր զինուորը իր սեփական ծախսով զինուորութիւն կ՚ընէ։ Կա՞յ մէկը որ այգի տնկէ եւ անոր պտուղէն չվայելէ։ Կա՞յ հովիւ մը որ ոչխարներուն կաթէն չճաշակէ։ 8Բայց միթէ պարզապէս մարդկային փորձառութեա՞մբ է որ այս բաները կ՚ըսեմ. Օրէնքն ալ նոյն բանը չ՚ը՞սեր։ 9Արդարեւ, Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Աստուած եզներո՞վ մտահոգուած էր միթէ. 10չէ՞ որ մեզի համար է որ կ՚ըսէ ատիկա. ինչպէս դարձեալ մեզի համար գրուած է հետեւեալը. «Հերկողը յոյս պէտք է ունենայ՝ որ հերկէ, եւ ցորենը կամնողը անկէ վայելելու յոյսը պէտք է ունենայ՝ որ կամնէ»։ 11Եթէ մենք հոգեւոր սերմ ցանեցինք ձեր մէջ, շա՞տ է՝ եթէ նիւթական բարիք հնձենք ձեզմէ։ 12Եւ եթէ ուրիշներ իրաւունք կը սեպեն այդ բարիքները վայելել ձեզմէ, մենք աւելի իրաւունք չունի՞նք։ Բայց մեր այս իրաւունքը երբեք չգործածեցինք. այլ՝ ամէն բանի կը համբերենք, որպէսզի ոեւէ բանով արգելք չըլլանք Քրիստոսի Աւետարանին տարածման։ 13Չէ՞ք գիտեր, որ տաճարին մէջ ծառայողները տաճարէն կը կերակրուին, եւ զոհարանին վրայ զոհ մատուցանող քահանաները իրենց բաժինը կ՚ունենան անկէ։ 14Նոյնպէս ալ Տէրը Աւետարանը քարոզողներուն հրաման տուաւ որ Աւետարանի քարոզութեամբ ապրին։ 15Բայց ես այդ իրաւունքներէն ոեւէ մէկը չգործածեցի։ Ո՛չ ալ այս բաները կը գրեմ՝ այդպիսի իրաւունքներ ստանալու համար։ Կը նախընտրեմ մեռնիլ՝ քան թոյլ տալ որ ոեւէ մէկը այս պարծանքս ինձմէ առնէ։ 16Անշուշտ պարծենալիք բան մը չունիմ՝ երբ Աւետարանը կը քարոզեմ, որովհետեւ պարտաւոր եմ ատիկաընելու, եւ վա՜յ ինծի՝ եթէ չքարոզեմ։ 17Եթէ ազատ կամքովս ընէի այս քարոզութիւնը, վարձատրութիւն պիտի ակնկալէի. բայց իմ կամքովս չէ որ կ՚ընեմ, քանի Աստուծմէ ինծի յանձնուած պարտականութիւն մըն է։ 18Իսկ վարձատրութի՞ւնս։ Վարձատրութիւնս պիտի ըլլայ այն՝ որ ձրիօրէն քարոզեմ Աւետարանը, չգործածելով այն իրաւունքները որ ունիմ իբրեւ Աւետարանի քարոզիչ։
19Արդարեւ, թէպէտ ազատ էի, ոեւէ մէկուն ենթակայ չէի, բայց ինքզինքս բոլորին ծառայ դարձուցի՝ որպէսզի շատերը սիրաշահիմ։ 20Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի Հրեաները սիրաշահիմ, այսինքն՝ Մովսիսական Օրէքին ենթակայմարդոց հետ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդու պէս ապրեցայ, հակառակ այլեւս այդ Օրէնքին ենթակայ չըլլալուս, որպէսզի Օրէնքին ենթակայ եղողները սիրաշահիմ։ 21Մովսիսական Օրէնքը չճանչցող հեթանոսներուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար։ Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ։ 22Հաւատքով տկարներուն հետ՝ տկարի պէս եղայ, որպէսզի զանոնք ալ սիրաշահիմ։ Մէկ խօսքով, ամենուն հետ ամէ՛ն ինչ եղայ, որպէսզի ամէն գնով կարենամ ոմանք փրկել։ 23Եւ այս բոլորը կ՚ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ։
24Մրցադաշտին վրայվազքիմասնակցողներունօրինակը գիտէք, չէ՞։ Վազելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի։ Դուք ալ, այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակինհասնիք։ 25Մարզիկներըիրենքզիրենք
խիստ կանոններու կ՚ենթարկեն՝ վաղանցուկ դափնեպսակ մը առնելու համար. իսկ մենք նոյնը կ՚ընենք՝ յաւերժական դափնեպսակին համար։ 26Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր։ 27Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in