1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է։
Compare
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:24
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:6
Յիսուս երբ տեսաւ զայն հոն պառկած, եւ գիտնալով որ երկար ատեն հիւանդ պառկած է, ըսաւ. – Կ՚ուզե՞ս առողջանալ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:6
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:39-40
Քննեցէ՛ք Սուրբ գիրքերը, քանի կը կարծէք թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք. եւ նոյն գիրքերն են որ կը վկայեն իմ մասիս։ Դուք, սակայն, չէք ուզեր ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:39-40
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:8-9
Յիսուս ըսաւ անոր. – Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛։ Մարդը վայրկեանին առողջացաւ, ելաւ, առաւ մահիճը եւ սկսաւ քալել։ Եւ այդ օրը Շաբաթ էր։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:8-9
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:19
Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ։ Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 5:19
Home
Bible
Plans
Videos