1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։
Compare
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ.
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
Ե՛ս եմ կեանքի հացը։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ, մի՛ վախնաք։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
Home
Bible
Plans
Videos