1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:38
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»։
Compare
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:38
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:37
Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր. – Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:37
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:39
Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:39
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:24
Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:24
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:18
Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:18
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:16
Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ինչ որ ձեզի կ՚ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:16
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:7
Աշխարհը ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ՚ատէ, որովհետեւ աշխարհի մասին երբ կը խօսիմ՝ կը վկայեմ թէ մարդոց գործերը չար են։
Explore ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7:7
Home
Bible
Plans
Videos