YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 15

15
ՆԱԽՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ
(Մարկ. 7.1-13)
1Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները, Փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէն էին ու ըսին. 2«Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն»։ 3Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ 4Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. 5եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ 6Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ մայրը չպատուէ, ազատ է’։ Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ 7Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. 8‘Այս ժողովուրդը միայն #15.8 Ոմանք, բերնովը ինծի կը մօտենայ, եւ շրթունքներովըշրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. 9ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։
ԲԱՆԵՐ ՈՐ ՄԱՐԴԸ ԱՆՄԱՔՈՒՐ Կ’ԸՆԵՆ
(Մարկ. 7.14-23)
10Ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ու միտք առէք. 11ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։
12Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ Փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ 13Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ 14Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։ 15Պետրոս պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ. «Մեկնէ մեզի այս առակը»։ 16Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. 17ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ 18Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ 19Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ 20Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։
ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ
(Մարկ. 7.24-30)
21Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։ 22Քանանացի կին մը այն սահմաններէն ելած՝ կ’աղաղակէր անոր ու կ’ըսէր. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ 23Ինք բնաւ պատասխան չտուաւ անոր։ Իր աշակերտները մօտենալով՝ կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ 24Ինքն ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ 25Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ 26Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ 27Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ 28Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
29Յիսուս անկէ գնաց, երբ Գալիլիայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ։ 30Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։ 31Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։
ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒԻԼԸ
(Մարկ. 8.1-10)
32Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։ 33Աշակերտները անոր ըսին. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնեն»։ 34Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։ 35Հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։ 36Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին։ 37Կերան ամէնքը եւ կշտացան։ Եօթը զամբիւղ լեցուն՝ աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 38Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
39Երբ ժողովուրդը արձակեց, նաւը մտաւ ու Մագդաղայի սահմանները գնաց։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 15: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in